ԼԻՆՏԱ ՊԻՒՅԻՒՔՍԻՄՔԷՇԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Լին­տա Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տած է իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը։ Ան Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան բա­րե­համ­բաւ գեր­դաս­տա­նի մե­րօ­րեայ շա­ռա­ւիղ­նե­րէն մին է։ Նա­խակր­թու­թիւ­նը ստա­ցած է Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ, ա­պա յա­ճա­խած՝ Սեն Մի­շել ֆրան­սա­կան լի­կէո­նը։ Յա­ջո­ղած է մուտք գոր­ծել «Քա­տիր Հաս» հա­մալ­սա­րա­նի ճար­տա­րա­գի­տու­թեան բա­ժի­նը, ուր բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւն ստա­ցած է անգ­լե­րէն լե­զուով։ Իբ­րեւ ա­ւար­տա­կա­նի պար­տա­կա­նու­թիւն՝ ան պատ­րաս­տած է Պէ­շիկ­թա­շի եր­բեմ­նի Մաք­րու­հեան վար­ժա­րա­նի ման­րա­կեր­տը, ինչ որ ար­ժա­նա­ցած է բարձր գնա­հա­տան­քի։ Այս­պէ­սով, ան յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տած է իր հա­մալ­սա­րա­նա­կան ուս­ման շրջա­նը։

Ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Լին­տա Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեա­նը եւ ի­րեն կը մաղ­թենք նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։ Նոյն առ­թիւ կը բաժ­նենք նաեւ ու­րա­խու­թիւ­նը իր ըն­տա­նի­քին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016