ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄԱԴՐՈՒԱԾ՝ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը այս շա­բա­վեր­ջին ժա­մադ­րուած են Սա­մա­թիոյ մէջ, ուր տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 2016-2017 շրջա­նի ա­ռա­ջին մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը։ Սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու թա­ղի Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տե­մի­րը, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար Հեր­ման Կիւր­ճեան։

Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­տե­նա­պե­տը նշեց, թէ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նը այս տա­րի ու­նի 470 ա­շա­կերտ։ Ան­ցեալ տա­րուան հա­մալ­սա­րա­նի մտից քննու­թիւն­նե­րուն Սա­հա­կեա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ա­պա­հո­ված ար­դիւն­քը գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռած է ի­րենց։ Այս տա­րի ալ դպրո­ցը 56 կրթա­կան մշա­կով կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ լա­ւա­գոյ­նը մա­տու­ցա­նե­լու հա­մար իր ա­շա­կերտ­նե­րուն։ Ե­սա­յի Տե­միր յայտ­նեց, որ ոչ-հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րէն վե­րա­դարձ մը կը նկա­տուի դէ­պի հայ­կա­կան դպրոց­ներ։ Այս հո­սան­քը մեր դպրոց­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան ընդ­հա­նուր թի­ւի շուրջ 10 տո­կո­սով բարձ­րաց­ման գե­տին պատ­րաս­տած է։

Ե­սա­յի Տե­միր ընդգ­ծեց, որ Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը եր­կու դպրո­ցով, ե­րեք ե­կե­ղե­ցիով, եր­կու գե­րեզ­մա­նա­տու­նով եւ ե­րե­սուն հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ պաշ­տօ­նէու­թիւ­նով մը յա­ռաջ կը տա­նի իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Տե­միր շեշ­տեց, որ այդ ամ­բողջ ցան­ցը կեն­սու­նակ պա­հե­լու հա­մար ի­րենք կը գոր­ծադ­րեն գեր­մարդ­կա­յին ջան­քեր։ Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը կ՚ա­պա­ւի­նի նաեւ մեր հա­մայն­քի ա­ջակ­ցու­թեան՝ որ­պէս­զի իր եր­թը ըլ­լայ կա­յուն եւ ան­խա­թար, մաս­նա­ւո­րա­պէս Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տան­քը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու ի­մաս­տով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016