ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան տե­սակ­ցե­ցաւ Նար­լը­գա­բուի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Վազ­գէն Վար­դա­նօղ­լուի եւ իր ըն­կեր­նե­րուն հետ։ Ներ­կայ էր նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց Տ. Ե­ղի­շէ Վրդ. Ուչ­քու­նեան։ Յա­ռա­ջի­կայ 16 Հոկ­տեմ­բե­րին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը, ո­րու ըն­դա­ռաջ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը փա­փա­քած էին այ­ցե­լել Պատ­րիար­քա­րան։ Խնդրե­լով Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը՝ թա­ղա­կան­նե­րը Գում­գա­բուի մէջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ի­րենց տա­րած աշ­խա­տան­քին շուրջ։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց ի­րեն փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մար, Նա­րըլ­գա­բուի ըն­տա­նի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն ու կա­րո­ղու­թիւն՝ փո­խան­ցե­լով իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016