ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեան, երգեհոնահարուհի Լիւսի Գահվէճիօղլու եւ Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Էրօլ Նուպար Կիւզելտեւլեթեան։ Վարդանանց երգչախումբի ներկայացուցիչները փութացած էին քաղաքավարական այցելութեան մը՝ շնորհակալութիւն յայտնելու համար ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութեան։ Անոնք փափաքած էին այս շնորհակալութիւնը յայտնել, որովհետեւ մօտաւոր անցեալին Վարդանանց երգչախումբի կողմէ Երեւանի մէջ սարքուած համերգին թերթս արձագանգ հանդիսացած էր լայնօրէն։ Երգչախումբի ներկայացուցիչները շատ դրական տպաւորութիւններ փոխանցեցին Երեւան կատարած իրենց ուղեւորութեան եւ Հայաստանի երաժշտասէրներուն մօտ իրենց արժանացած ընդունելութեան համար։

Ատրուշան Հալաճեան, Լիւսի Գահվէճիօղլու եւ Էրօլ Նուպար Կիւզելտեւլեթեան ընդգծեցին, որ Երեւանի վերջին համերգը եւ ընդհանրապէս դէպի Հայաստան ճամբորդութիւնը իրենց համար ունեցաւ մեծ նշանակութիւն, քանի որ ընթացքին առիթն ունեցան նաեւ արժեւորելու Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յովհաննէս Չեքիճեանի յոբելեանը։ Վարդանանցի ընտանիքին տեսակէտէ հոգեւոր մեծ բաւարարուածութեան առիթ հանդիսացած էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի երգեցողութեան հնարաւորութիւնը։ Այս բոլորէն վերջ թէ՛ երգչախումբը եւ թէ ուղեւորութեան մասնակից Ֆէրիգիւղի ընտանիքին ներկայացուցիչները քաղցր յուշերով վերադարձան Իսթանպուլ։ Պայրամի արձակուրդի օրերուն զուգադիպած այս ճամբորդութիւնը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ նաեւ թերթիս մէջ եւ մամուլի հրատարակութիւններուն միջոցաւ մեր համայնքն ալ հաղորդ դարձաւ Վարդանանց երգչախումբի ապրումներուն եւ վերահասու դարձաւ արձանագրուած նուաճման։ Այս բոլորին համար երգչախումբի ներկայացուցիչները արտայայտեցին իրենց երախտագիտութիւնը։

Թերթիս հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեան ջերմ զրոյցի ընթացքին Վարդանանցի ներկայացուցիչներուն նկատառման յանձնեց, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տեսակէտէ միշտ հաճելի է, ուրախութեան առիթ է արձագանգ հանդիսանալ Վարդանանց երգչախումբի նուաճումներուն։ Ան զրոյցի աւարտին նաեւ ապագայ յաջողութիւններ եւ կայուն յարատեւութիւն մաղթեց Վարդանանց երգչախումբի գործունէութեան համար։ 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2017