ՈՉ ԵՒՍ Է ԼՐԱԳՐՈՂ ԿԱՐՊԻՍ Ե. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ մեր մամլոյ աշխարհի բազմամեայ սպասաւորներէն Կարպիս Ե. Մուրատեան շաբաթավերջին կնքած է իր մահկանացուն։ Թրքահայ մտաւորական կեանքի երիցագոյն ներկայացուցիչներէն մին էր ան, որ ծնած էր 1924 թուականին։ Կարպիս Ե. Մուրատեան թէեւ յառաջացած տարիքի մէջ հրաժեշտ առած է երկրաւոր կեանքէն, սակայն իր կորուստը ցաւ պատճառած է մեր մամուլի շրջանակներուն եւ իր ընթերցողներուն՝ հաշուի առնելով, որ ան երկար տասնամեակներ կարեւոր ներդրում մը բերած էր իր գրիչով ու եղած էր հետեւողական եւ կարգապահ արտադրող մը։

Կարպիս Ե. Մուրատեան Գատըգիւղէն հասած մտաւորական մըն էր։ Թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի մէջ մայրենին սորվելէ վերջ ստացած էր ֆրանսական կրթութիւն։ Բարձրագոյն ուսման տարիներուն շրջան մը գտնուած էր նաեւ Փարիզի մէջ։ Անցեալի մէջ երկար շրջան մը աշխատակցած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ին՝ որպէս խմբագիր եւ սիւնակագիր։  Վերջին տասնամեակներուն ան յօդուածներ կը ստորագրէր «Մարմարա» օրաթերթին մէջ։ Թրքահայ այլ զանազան հրատարակութիւններուն ալ աշխատակցութիւն բերելու առընթեր, համայնքային վարժարաններէ ներս ծառայած էր որպէս կրթական մշակ։ Մամուլի սիւնակներուն մէջ իր ստորագրած զանազան յօդուածները գիրքի մը ձեւաչափով հրատարակուած էին Գարակէօզեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ, «Իրիկուան տոմսեր» անունով, 1967 թուականին։ Ամուսնացած էր Ովսաննա Մուրատեանի հետ, որ եւս իրեն համազօր համակրանք կը վայելէր եւ մինչեւ իր վերջին շունչը հսկեց ամուսինը՝ խնամքով եւ համբերութեամբ։

Կարպիս Ե. Մուրատեան յառաջացած տարիքի բերումով վերջին շրջանին ի վիճակի չէր կանոնաւոր թափով արտադրելու։ 2013 թուականի գարնան Էսաեան սանուց միութեան մէջ իրեն ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյթը առիթ դարձած էր, որպէսզի մեր համայնքը արտայայտէ անոր վաստակին նկատմամբ երախտագիտական զգացումները։

Յուղարկաւորութեան թուականն ու վայրը այսօր ընտանեկան մահազդով ծանուցուած են առանձնապէս։

Այս տխուր առթիւ յաւիտենական հանգիստ կը հայցենք Կարպիս Ե. Մուրատեանի հոգւոյն ու մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք այրիին՝ Ովսաննա Մուրատեանին, մերձաւորներուն եւ իր գրչի համակիրներուն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2019