ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս փայլուն հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Հայ մշակոյթի ձօնուած հոկտեմբեր ամսուան տեւողութեան դպրոցի բոլոր դասարաններու աշակերտները մասնակցութիւն բերին մշակուած ծրագրին։ Այս ամբողջին մէջ նախատեսուած գլխաւոր ձեռնարկը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին։ Աշակերտները այս հանդէսին պատրաստուած էին իրենց ուսուցչուհիներու հսկողութեան ներքեւ։ Անոնք ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։ Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչները։ Դպրոցէն ուղարկուած լուսանկարներուն մէջ կ՚երեւի հանդէսէն դրուագներ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018