ԱՄԵՆ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԱՐՔ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈԻԵՑԱՒ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան՝ ընկերակցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան անդամներուն հետ: Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի գլխաւորած խնամակալութեան անդամները Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրասիրեցին Օրթագիւղի ափին ճաշարանի մը մէջ:

Պատրիարք Հայրը առաջին հերթին Գարակէօզեան վարժարանի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ ստացաւ խնամակալներէն։ Ճաշասեղանի շուրջ ընթացած զրոյցի ընթացքին օրակարգի եկաւ վերջերս Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան միջեւ ծնունդ առած կալուածական հարցը։ Նորին Ամենապատուութիւնը լսեց գաղափարները խնամակալներուն, որոնց ուղղեց իր հայրական յորդորը: Պատրիարք Հայրը յայտնեց, թէ այս հարցի կապակցութեամբ նախորդ օր ալ հանդիպում մը ունեցած էր Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորած Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան անդամներուն հետ ու փափաք յայտնեց, որ այս հարցը խաղաղ եւ բարւօք ելքի մը հասնի։ Ի միջի այլոց, Պատրիարք Հայրը քորոնաժահրի համավարակի դժուարին օրերուն կարողութիւն մաղթեց խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2020