ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ ընդունեց մայրաքաղաքէն հիւրեր։ Այսպէս, Անգարայէն խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ հիւրընկալուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ, որ այս առթիւ հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին Ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէ, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյ, Ներքին գործոց նախարարութեան քաղաքներու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Քիւրշատ Քըրպըյըք եւ նոյն բաժանմունքի պատասխանատուներէն Մեհմէտ Եիւզէր։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրերու նկատառման յանձնեց համայնքային ու թաղային մարմիններու ընտրութիւններու հարցին շուրջ համայնքային շրջանակներու սպասումները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վստահութիւն յայտնեց, թէ պատկան մարմինները պիտի տնօրինեն պարտն ու պատշաճը, որպէսզի ընտրութիւններու կազմակերպումը հնարաւոր դառնայ։

Հանդիպման աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան կապակցութեամբ եւ արտայայտեց իր շնորհակալութիւնը՝ համայնքային խնդիրներուն նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար։

Ինչպէս ծանօթ է, փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը շաբաթէ մը ի վեր օրակարգի վրայ դարձեալ առաջնահերթ դարձած է՝ մանաւանդ անցեալ շաբաթավերջին Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճանի եւ հրեայ համայնքի ղեկավարներէն Իսակ Իպրահիմզատեհի միջեւ տեղի ունեցած տեսակցութեան արձագանգներուն բերումով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2021