ՅՍՏԱԿԵՑՆԵԼ ՊԱՏԿԵՐԸ

Համայնքային շրջանակները երէկ Գումգաբուի մէջ ժամադրուած էին՝ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ յարակից Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Թէեւ այս եղանակի առաջին սիրոյ սեղանին Սամաթիոյ մէջ յայտարարուած տարեկան պիւտճէի բացը գրեթէ ամբողջութեամբ հաւասարակշռուած էր, սակայն, այնտեղ ստեղծուած լաւատեսութիւնը նման շարունակութիւն մը չունեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացին հազիւ կէսը հանգանակուեցաւ։

Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքալթունեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։ Արարողութեան հետեւեցան նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանէն խումբ մը սաներ։

Օրուան պատգամին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կանգ առաւ իմաստութեան կարեւորութեան վրայ։ Արդարեւ, Աստուծմէ լաւագոյն խնդրանքն է իմաստութիւն ուզելը։ Ան բացատրեց, որ Սողոմոն թագաւորի օրով պատահած էր նոյնը եւ ըստ Սուրբ Գիրքի վկայութեամբ՝ ան ամենաիմաստուն մարդն էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ իմաստութիւնը կարեւոր է նաեւ՝ հարստութիւնը օգտագործելու եւ զայն բարի գործի մը վերածելու տեսակէտէ։ «Հարստութիւն մը արդար ու բարի է, եթէ երջանկութիւն ստեղծէ», ըսաւ ան։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ սրահին մէջ, ուր համախմբուած էին բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ, համայնքէն բազում դէմքեր եւ հիւրեր։ Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան՝ Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Գլոտիա Տեմիր եւ Հրանդ Մոսկոֆեան։ Խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ՝ գեղարուեստական բաժնին մէջ հանդէս եկած Պէզճեան Մայր վարժարանի սաներու ելոյթներուն ժամանակ։ Անոնք իրենց խմբերգներով յաջողեցան բոլորին սիրտը գրաւել եւ արժանացան ծափահարութիւններու՝ Շուշան Գալաթաշի մականին ներքեւ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հուսկ բանքին մէջ հերթական անգամ անդրադարձաւ՝ պոլսահայ վարժարաններու ցանցին դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Ան համոզուած է, թէ անհրաժեշտ է ունենալ տուեալներու շտեմարան մը։ Թէեւ այս տարին, այսպէս պիտի անցնի, սակայն, յաջորդ տարուան համար կ՚ենթադրուին կարգ մը փոփոխութիւններ։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց, որ բոլոր վաքըֆներէն պիտի պահանջուի իրենց տուեալները համադրել այդ շտեմարանին մէջ, այլապէս սիրոյ սեղան կազմակերպելու հնարաւորութիւն պիտի չստեղծուի տուեալ վաքըֆներուն։ Ան շեշտեց, որ այդ տուեալներու լոյսին տակ պէտք է համայնքին համայնապատկերը յստականայ եւ ըստ այդմ առնուին դպրոցներու վերաբերեալ որոշումները՝ ներառեալ փակման կամ միացման խնդիրներու քննարկումը։ «Գուցէ մենք բաւարար միջոցներ ունինք մեր բոլոր վարժարաններուն համար։ Գուցէ համալսարան մը կրնանք բանալ։ Չշտապենք սպիտակ դրօշ պարզելու համար։ Սիրոյ սեղանները մեր առատութիւնը կը համարուին։ Վարժարանի երդիքն ալ նուիրական է մեզի համար։ Մենք չենք փափաքիր, որ մատաղօրհնութիւնները դադրին, սիրոյ սեղանները մեր շնչառութիւնը կը համարուին», ըսաւ ան։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով։ Հրաժեշտ առնելէ առաջ բոլորը յաջողութիւն մաղթեցին Գումգաբուի ընտանիքի պատասխանատուներուն, որոնք լուրջ ջանքեր կը գործադրեն դպրոցի կայունութեան համար։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2023