ԱՐԴԱՐ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին համակուած էր տօնական տրամադրութեամբ՝ Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի պաշտօնական բացման հանդիսութեան առթիւ։ Իսկապէս պատմական շաբաթավերջ մըն էր Պաքըրգիւղի հայութեան տեսակէտէ եւ այս թաղի մեր ժողովուրդը ապրեցաւ արդար հպարտութիւն մը՝ դպրոցը նման հնարաւորութիւնով մը օժտած ըլլալու եւ անոր առաքելութեան առջեւ նոր հորիզոն մը բացած ըլլալու բերումով։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը այս առթիւ պաշտօնական հիւրերն ու համայնքային բարերարները մեծարեց երախտագիտական զգացումներով՝ կրթօճախի անկիւնադարձային այս հանգրուանին։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի պաշտօնական բացման արարողութեան նախագահեց իր կողքին ունենալով Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանը, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանը եւ բազմաթիւ քահանայ հայրեր։ Ներկայ էին Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան, ինչպէս նաեւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլէնտ Քերիմօղլու եւ նախկին քաղաքապետ Աթէշ Իւնալ Էրզէն, որոնց երկուքն ալ տէր կանգնեցան դպրոցաշինութեան այս ծրագրին։ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանէն թէ՛ ներկայ եւ թէ անցեալ շրջանի պատասխանատուներ ալ փութացած էին բացման հանդիսութեան, որու հրաւիրեալներու շարքին էին Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդական Նատիա Թաշէլ, համայնքային բազմաթիւ բարերարներ, մեր զանազան հաստատութիւններէն ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտէմիր եւ իր ընկերները, Տատեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Փրոֆ. Արսէն Արշըք, տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ բոլոր պատասխանատուները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեցին հանդիսութեան բոլոր մասնակիցները, որոնք փութացած էին ուրախակից ըլլալու Պաքըրգիւղի ընտանիքին։
Տատեան վարժարանը այս վեց յարկանի նորակերտ համալիրին մէջ խարսխուած է իր գործունէութեան 171-րդ տարուան զուգադիպած հանգրուանին, երբ իր երթը կը շարունակէ 360 աշակերտով եւ 40 հոգիէ բաղկացեալ ուսուցչական կազմով։ Համայնքային շրջանակները այս ծրագիրը ի կատար ածելու համար աննախընթաց զօրակցութիւն ցուցաբերած են Պաքըրգիւղի ընտանիքին։ Դպրոցի դասարանները, դահլիճները, առանձին մանկապարտէզը եւ զանազան բաժինները կոչուած են բարերարներու անուններով. անուններ՝ որոնք երկար տասնամեակներէ ի վեր մեր համայնքային կեանքի մղիչ ուժը կը հանդիսանան եւ այս էական ձեռքբերումին շրջագծով ալ չեն զլացած իրենց բաժինը։ Հարկ է նշել, որ այս ամբողջ աշխատանքի կիզակէտին կը գտնուէր թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտէմիր, որ թէ՛ միջոցները եւ թէ աշխատանքները համակարգելով երաշխաւորեց գործին յաջողութիւնը, համախմբելով իր ընկերները եւ ցուցաբերելով անկոտրուն կամք։
Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած արարողութեան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Ռենա Էօզտէմիրի եւ Շահին Սալթըքլըի։ Ելոյթներ ունեցան Մեսուտ Էօզտէմիր եւ Ալիս Պայրամ։ Ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որով ներկաները ամփոփ տեղեկութիւններ քաղեցին թէ՛ Տատեան վարժարանի պատմութեան ու գործունէութեան եւ թէ վերջին տարիներուն կատարուած այս շինարարական աշխատանքին շուրջ։
Յուզիչ պահեր ապրուեցան երբ բարերարներուն եւ պատասխանատուներուն յանձնուեցան մասնաւոր պատրաստուած յուշանուէրներ, որոնք կը խորհրդանշէին Պաքըրգիւղի ընտանիքին երախտագիտական զգացումները։ Հրաւիրեալները նորակառոյց դպրոցի դահլիճի երդիքին տակ յայտագրին հետեւելու առընթեր նոր համալիրը շրջեցան պատասխանատուներուն ուղեկցութեամբ եւ հերթական անգամ արտայայտեցին իրենց հիացմունքը։ Ընթացքին, Պաքըրգիւղի ընտանիքին անունով Մեսուտ Էօզտէմիրին ալ յանձնուեցաւ մասնաւոր յուշապնակ մը՝ արժեւորելու համար ներդրած վաստակն ու եռանդը։
Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի խօսքով, որու ընթացքին ան գնահատեց մեր բարերաներուն կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը ու կոչ ուղղեց, որպէսզի համայնքէն ներս յաղթահարուի միասնականութեան պակասը։
Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին բոլորը շնորհաւորեցին Պաքըրգիւղի ընտանիքին ներկայացուցիչները եւ բարի վայելում մաղթեցին տատեանցիներուն՝ որպէսզի մեր այս կրթօճախը բազում տարիներ շարունակէ հասցնել հայեցի դաստիարակութեամբ հասակ առած սերունդներ։