ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Պերճ Իսքէնտէրէօզի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Վերջին օրերուն համայնքային շրջանակներէն ներս խոր ցաւ ստեղծեց Պերճ Իսքէնտէրէօզի կորուստը, հակառակ որ ան յառաջացեալ տարիքի մէջ աչքերը փակեց կեանքին։ Պերճ եւ Սելմա Իսքէնտէրէօզ ամոլը երկար տարիներ համայնքային ապրումներու անբաժան դէմքերէն եղած էին, նաեւ մեր հաւաքական կեանքին իրենց մասնակցութիւը բերած՝ որպէս բարերար։

Երէկուան յուղարկաւորութեան նախագահեց Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը։ Վարդապետը փոխանցեց նաեւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի վշտակցութիւնը։ Դամբանախօս վարդապետի կողքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, Հայր Միքայէլ Վրդ. Ուչար, Յակոբ Սրկ. Մինասեան եւ Ժան Կսսրկ. Աճէմօղլու։

Յանուն Պատրիարքական Աթոռին ներկայ էր Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու հետն էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։ Արարողութեան ընթացքին Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան ընթերցեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ ցաւակցական մը։ Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ արտասանեց վերջին աղօթքը։

Յուզումնախառն արարողութեան ընթացքին բոլոր յուղարկաւորները իրենց վերջին յարգանքը մատուցին բարեյիշատակ հանգուցեալին նկատմամբ եւ իրենց բարոյական զօրակցութեան առարկայ դարձուցին կողակիցը՝ Սելմա Իսքէնտէրէօզը, որ համայնքային շրջանակներէն ներս այնքան սիրուած ու յարգը-ւած անձնաւորութիւն մըն է։

Յաւարտ յուղարկաւորութեան նորոգ հանգուցեալ Պերճ Իսքէնտէրէօզի մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի հայ կաթողիկէից գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս երկնային հանգիստ կը հայցենք հանգուցեալ Պերճ Իսքէնտէրէօզի բարի հոգւոյն ու խորապէս կը վշտակցինք կողակցին՝ Սելմա Իսքէնտէրէօզին, նաեւ Իչլիեիւրէք եւ Շիրինօղլու ընտանիքներուն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2017