ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԷՏ ԵՒ ՄՈՆԻՔ ԵՐԿԱՆԵԱՆ ԱՄՈԼԻ ԱԶՆԻՒ ԲԱՐԵՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց հաւաքական մկրտութեան խորհրդակատարութեան։ Այսպէս, երախտաշատ համայնքային բարերար Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլի ազնիւ հոգածութեամբ տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն չորս սաներու մկրտութեան արարողութիւնը։ Երկանեանները սիրայօժար յանձն առած էին՝ ըլլալ անոնց կնքահայրը։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ հոգեւոր հայրեր։ Ներկայ էին նաեւ Թոփգաբուի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները եւ մկրտեալներու ծնողները։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը օծեց մկրտեալները։

Խորհրդակատարութեան աւարտին սարքուեցաւ նաեւ պատուասիրութիւն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2022