ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան վեր­ջին օ­րե­րուն հիւ­րըն­կա­լեց Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին կող­մէ խումբ մը։ Կա­մա­ւոր հո­գա­բար­ձու­ներ Ար­թօ եւ Դա­լար Հո­րո­զօղ­լու ա­մո­լին կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բին մաս կազ­մե­ցին տնօ­րէ­նու­հի Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեան, փոխ-տնօ­րէն Դա­ւիթ Խա­չատ­րեան, քա­նի մը ա­շա­կերտ­ներ եւ կրթա­կան մշակ­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով՝ որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին այս դպրո­ցին ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած սի­րոյ սե­ղա­նէն ա­ռող­ջա­կան պատ­ճառ­նե­րով բա­ցա­կա­յած էր նո­րին սրբազ­նու­թիւ­նը՝ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը։

Ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ա­շա­կերտ­նե­րը տե­ղա­պահ սրբա­զան հօր յանձ­նե­ցին ա­նոր հա­մար պատ­րաս­տուած յու­շա­նուէ­րը։ Յա­ջոր­դած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին նո­րին սրբազ­նու­թիւ­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ի­րեն յանձ­նուած յու­շա­նուէ­րին հա­մար եւ հե­տաքրք­րուե­ցաւ դպրո­ցի կա­ցու­թիւ­նով, սի­րոյ սե­ղա­նին յա­ջոր­դած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով։ Դպրո­ցի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ու­րա­խու­թեամբ տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ա­ռա­ջին ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած սի­րոյ սե­ղա­նին ար­դիւն­քը բա­ւա­կան գո­հա­ցու­ցիչ է։

Զրոյ­ցի ա­ւար­տին նո­րին սրբազ­նու­թիւ­նը մօ­տա­լուտ Ա­մա­նո­րի եւ Սուրբ Ծննդեան առ­թիւ օրհ­նու­թիւն­ներ եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց հիւ­րե­րուն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017