ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹԻ 80-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԳԱՐՆԱՆ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ Ծրագրին հովանաւորն է մեր բարերարներէն Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլը
Հայաստանի «Թաթուլ Ալթունեան» երգի ու պարի պետական համոյթը այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 80-ամեայ յոբելեանը։ Արտասահմանի մէջ այս յոբելեանի շարժառիթով առաջին ձեռնարկը նախատեսուած է Իսթանպուլի մէջ՝ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթին նախաձեռնութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանի Պարի պետական համոյթի եւ «Մարալ» համոյթի միջեւ կը շարունակուի համագործակցութիւն, որ կ՚ունենայ դրական պտուղներ, մեր գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ։
Նախընթաց օր, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանն ու մօտալուտ յոբելենական ելոյթի կարգադիր յանձնախումբէն Տայք Միրիճանեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ Մարտի 11-ին նախատեսուած է Հայաստանի Պարի պետական համոյթի Իսթանպուլի յոբելենական ներկայացումը։ Խումբը քաղաքս պիտի գայ 14 հոգիէ բաղկացեալ նուագախումբով, 25 հոգիէ բաղկացեալ պարախումբով եւ 24 հոգիէ բաղկացեալ երգչախումբով։ Այսինքն 63 հոգիէ բաղկացեալ մեծ խումբ մը բեմ պիտի առնէ քաղաքիս մէջ։ Համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն է Ժիրայր Ալթունեան, գլխաւոր պարուսոյցը՝ Յովհաննէս Խաչիկեան եւ տնօրէնը՝ Գրիգոր Ոսկանեան։ Նոյն յոբելենական ձեռնարկին ժամանակ «Մարալ» համոյթն ալ հանդէս պիտի գայ քանի մը պարերով, իսկ եզրափակիչ փուլին «Մարալ»ը եւ Հայաստանի Պարի պետական համոյթը բեմ պիտի առնեն միասնաբար։
Քաղաքիս մէջ նման ձեռնարկ մը կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի «Մարալ» համոյթին։ «Մարալ»ի կողմէ ներկայացուած առաջարկը ընդունուած է Հայաստանի Պարի պետական համոյթի ղեկավարութեան կողմէ։ Վերջին օրերուն Կարպիս Չափքան եւ «Մարալ»ի վարչայիններէն Յովհաննէս Պանտոյեան այցելեցին Երեւան, ուր արդէն անհրաժեշտ փաստաթուղթերը ստորագրուեցան՝ այս ձեռնարկը քաղաքիս մէջ կազմակերպելու նպատակով։ Հարկ է նշել, որ ծրագրին հովանաւորը պիտի ըլլայ մեր գեղարուեստասէր բարերարներէն Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլը։ Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլուն ալ իրենց նպաստը կը բերեն այս ծրագրին։ Յոբելենական համերգը նախատեսուած է Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ, Հարպիէ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլի հովանաւորութեամբ մօտաւոր անցեալին դարձեալ համերգ մը կազմակերպուած էր քաղաքիս մէջ եւ այդ մէկը տակաւին թարմ կը մնայ մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։ Հիմա Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլը մեր գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ կ՚ընձեռէ նոր հնարաւորութիւն մը՝ որպէսզի անոնք անգամ մը եւս ըմբոշխնեն Հայաստանի Պարի պետական համոյթի որակեալ գեղարուեստը, մանաւանդ՝ որ այդ ձեռնարկին մեր համայնքին կողմէ ալ մասնակցութիւն մը պիտի ըլլայ «Մարալ»ի կողմէ։
Երախտագիտական դրսեւորումով՝ մարալցիները կը շարունակեն նաեւ որպէս կարգադիր յանձնախումբի պատուոյ նախագահ պահել Սելմա Իսքէնտէրէօզը, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը կարեւոր աջակցութիւն կը բերէր համոյթի բոլոր ծրագրերուն։ «Մարալ»ի ընտանիքը յարմար նկատած է Սելմա Իսքէնտէրէօզի այդ պատուոյ նախագահի հանգամանքը միշտ յարգել։
Կարպիս Չափքան եւ Տայք Միրիճանեան մեր զրոյցին ընթացքին յայտնեցին, որ յառաջիկայ շրջանին «Մարալ»ի ընտանիքը բազմակողմանի պատրաստութեան մը պիտի ձեռնարկէ։ Մէկ կողմէ պարախումբը պիտի մարզուի, իսկ միւս կողմէ կազմակերպչական գետնի վրայ աշխատանքի պիտի լծուի մեծ խումբ մը՝ որպէսզի մեր համայնքի գեղարուեստասէր շրջանակները շարժման անցնին եւ կարելիութիւն ունենան վայելելու Հայաստանի Պարի պետական համոյթը քաղաքիս մէջ՝ այդ ալ հիմնադրութեան 80-ամեայ յոբելեանական շրջանին։
Յաջողութիւն կը մաղթենք։