ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատուները։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացաւ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ կը գլխաւորէ կամաւոր հոգաբարձուները, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, ուսուցիչներէն Լուսինէ Յարութիւնեան եւ երկու սաներ։

Դպրոցի վարիչները Պատրիարքարան փութացած էին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ քաղեց «Հրանդ Տինք» վարժարանի ընդհանուր կացութեան եւ դպրոցի վարիչներու գործունէութեան շուրջ։ Զրոյցի ընթացքին անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին 29 յունուար 2023 թուականին նախատեսուած՝ վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ դպրոցի պատասխանատուներուն՝ յաջողութիւն մաղթելով իրենց ապագայ գործունէութեան համար եւ խոստացաւ նախագահել մօտալուտ սիրոյ սեղանին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2022