ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՒՐԱՏԱՆ ՄԷՋ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ՀՐԴԵՀ. 2 ԶՈՀ

Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից հիւրատան մէջ երէկ երեկոյեան ծագեցաւ սարսափելի հրդեհ մը, որ դժբախտաբար խլեց երկու զոհ։ «Անատոլու» գործակալութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս դէպքին, որ համայնքային շրջանակներէն ներս ալ խոր ցաւ յառաջացուց։ Իսթանպուլի հրշէջ գունդը անմիջապէս միջամտեց դէպքին՝ մինչ թրամվայի գծի երթեւեկն ալ ընդհատուեցաւ։ Պէյօղլուի գաւառապետ Մուսթաֆա Տեմիրէլլի եւ քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզ եւս փութացին դէպքի վայր՝ տեղւոյն վրայ վերահսկելով աշխատանքները։

Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներն ալ անմիջապէս հասան եկեղեցի։ Անոնց միացան նաեւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ իր ընկերները։ Գիշերուան ժամերուն ծագած հրդեհին տեղեկանալով՝ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանն ալ հրդեհի վայր փութաց՝ Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեանի հետ։ Զեքիեան Գերապայծառ հրդեհաշիջման աշխատանքներուն շուրջ տեղեկութիւններ ստացաւ գաւառապետէն եւ քաղաքապետէն։ Նկատի ունենալով, որ հրշէջ գունդի աշխատանքները կրնային երկար տեւել՝ Ղալաթիոյ խնամակալները Զեքիեան Գերապայծառին առաջարկեցին հանգրուանել Կեդրոնական վարժարանին մէջ։ Գերապայծառը ընդառաջեց առաջարկին եւ մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը մնաց այնտեղ՝ մինչեւ այն պահը, երբ հաղորդուեցաւ, թէ հրդեհը մարուած է։

Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից հիւրատունը, ուր ծագեցաւ երէկուան հրդեհը, բաւական հին շէնք մըն էր եւ արդէն շաբաթ մը վերջ վերանորոգութեան պիտի ենթարկուէր։ Այս շէնքը ունի երկու մուտք, որոնցմէ մին դուրսէն է, անջատ, իսկ միւսը՝ եկեղեցւոյ շրջափակէն։ Հակառակ, որ եկեղեցին եւ հիւրատունը նոյն համալիրին մաս կը կազմեն, բարեբախտաբար, սրբավայրը որեւէ ձեւով չազդուեցաւ բոցերէն։

Երէկուան հրդեհին ցաւալի եւ ողբերգական հետեւանքը եղաւ խլած զոհերը։ Արդարեւ, այդ հիւրատունը ունէր 7 բնակիչ։ Վերեւի յարկին մէջ ծագած հրդեհէն վերջ 3 հոգի յաջողեցաւ անմիջապէս խոյս տալ։ 2 բնակիչ ծուխերէն ազդուելով հիւանդանոց փոխադրուեցաւ եւ առնուեցաւ դարմանման տակ։ Աւելի ուշ ժամերուն յայտնի դարձաւ, որ կարելի չէ եղած փրկել միւս երկու բնակիչներուն՝ Ֆեհիմ Աթսուփի եւ Ժոզեֆին Էքմեքճիի կեանքը։ Երբ այս տխուր լուրը հասաւ, Զեքիեան Գերապայծառի գլխաւորութեամբ եւ իրեն ընկերակիցներուն մասնակցութեամբ աղօթք արտասանուեցաւ անոնց հոգիներու հանգստութեան համար։

Կէս գիշերն անց, երբ հրդեհը վերջնականօրէն մարուեցաւ, բոլորը արձակուեցան՝ խորապէս ազդուած ըլլալով զոհերուն համար։

Մինչ տեղական մամուլն ալ լայնօրէն կ՚արձագանգէ այս դէպքին, իրադարձութիւններու շարունակութիւնը պիտի ընթանայ՝ ըստ պաշտօնական ընթացակարգերու։

Միւս կողմէ, երէկուան ցաւալի դէպքին կապակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռն ալ այս առաւօտ հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ տեղեկացուեցաւ, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վշտակցութեան ու զօրակցութեան գիր մը ուղարկած է Զեքիեան Գերապայծառին։

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2023