ՅԱԿՈԲ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ ԿԱԼԱԹԱՍԱՐԱՅ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄ

Մեր համայնքէն Յակոբ Շիրինօղլու անդամակցեցաւ Կալաթասարայ մարզակումբին։ Անցեալ շաբաթավերջին, Կալաթասարայ լիսէի նշանաւոր, պատմական «Թեւֆիք Ֆիքրէթ» սրահի երդիքին տակ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ մարզակումբի նոր անդամներու ընդունման առթիւ։ Այս հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Յակոբ Շիրինօղլու, որ պաշտօնապէս մարզակումբի անդամ դարձաւ՝ ընդգրկուելով ընդհանուր ժողովին։ Ան իր կրծքանշանը ստացաւ՝ ձեռամբ Կալաթասարայ մարզակումբի վարչութեան նախագահ Տուրսուն Էօզպէքի, որ զինքը շնորհաւորեց ջերմօրէն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2024