ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան պատրաստած է Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մասին յուշամատեան մը։ Սա պատմական թաղին վերաբերեալ կարեւոր ուսումնասիրութիւն մըն է ու նոյնպէս կարեւոր ներդրում մը՝ մեր համայնքի հաւաքականութեան յիշողութեան տեսակէտէ։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը թրքահայ իրականութենէն ներս կանոնաւոր պարբերութեամբ նման յուշամատեաններ լոյս կը տեսնէին՝ ազգային զանազան հաստատութիւններու յոբելեաններուն առթիւ։ Այդ բոլորը ցայսօր մշտական արժէք կը ներկայացնեն։ Դժբախտաբար, այդ գանձանակի հարստացումը վերջին տասնամեակներուն զգալիօրէն դանդաղած է։ Այս առումով Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ երախտաշատ աշխատանք մը կը կատարուի։ Արդարեւ, ան մօտաւոր անցեալին Գատըգիւղի վերաբերեալ պատրաստած էր քանի մը հատորէ բաղկացեալ ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը՝ որպէս թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Ի շարունակութիւն, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան ներկայիս նմանատիպ ծրագիր մը կեանքի կոչած է Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պարագային։ Այս գողտրիկ եկեղեցին հեղինակ քահանայ հօր տեսակէտէ զգացական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան հովուական իր ծառայութեան սկսած է Պէշիկթաշի մէջ, ուստի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հետ ունի զգացական սերտ կապեր։

«Յուշամատեան Պէշիկթաշի» կոչուած այս գիրքը տպարանէն դուրս գալէ անմիջապէս վերջ մատուցուած է նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հայազատ Կազէրօղլու եւ Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբի դպրապետ Արման Մարաշլեան Պատրիարքարան այցելելով Նորին Ամենապատուութեան յանձնած են գիրքի խորհրդանշական առաջին օրինակը։ Հեղինակ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի առընթեր ներկայ գտնուած է նաեւ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան։ Ի դէպ, Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ շնորհանդէս մըն ալ կը նախատեսուի Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ պատրաստուած յուշամատեանին համար։

«ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ»

Օրհնութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, երկարատեւ աշխատութենէ մը յետոյ լոյս տեսաւ «Յուշամատեան Պէշիկթաշի» գեղատիպ ու շքեղ գիրքը, զոր գրի առնուած է Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երբեմնի հոգեւոր հովիւ՝ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։

Այս աշխատութեամբ՝ վերջին շրջաններուն տէր հօր կողմէ պատրաստուած «Գանտիլլիի Յուշամատեան»ին եւ «Գատըգիւղի Յուշամատեան»ին կը միանայ նոր յուշամատեան մը եւս, զոր հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Պէշիկթաշի պատմականը։ Յուշամատեանի պատրաստութեան ներուժը կը բնութագրուի հետեւեալ ձեւով. «Ինչպէս բոլոր համայնքային հաստատութիւնները, այնպէս ալ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցին իր սահմաններուն մէջ ծառայած է թաղեցի ժողովուրդին։ Թաղին մէջ իրագործուած հոգեւոր, կրթական, բարեսիրական եւ մշակութային գործունէութիւններ իրենց գոյութիւնը կը պարտին զոհողութիւններ յանձն առած նուիրեալ անձնաւորութեանց փաղանգին։ Ծառայութեան շղթան հասած է մինչեւ մեր օրերը»։

Պատմական ընդարձակ տեղեկութիւններով զարդարուած գիրքը կը սկսի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտօնական նկարներով։ Ապա կը յաջորդէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան գիրը, որով մեր Հոգեւոր Պետը կ՚ողջունէ Պէշիկթաշի յուշամատեանը եւ իր հայրական օրհնութեամբ կը գնահատէ գրքի պատրատութեան նպաստած բոլոր սպասաւորները։ Բաց աստի, ներկայացուած են նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէց Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանի, եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, Նարեկացի դպրաց դասու տնօրէն խորհուրդի, Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի եւ հեղինակ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի սրտի խօսքերը։

Ըստ Գրիգոր Ա. Քահանայի, գրքի պատրաստութիւնը, կամքէ անկախ պատճառներով յապաղած, սակայն ի վերջոյ կեանքի կոչուած է։ Այլապէս, գիրքի նօթերը, ականատեսները եղած են երանաշնորհ Շնորհք, Գարեգին Բ. Եւ Մեսրոպ Բ. պատրիարքներու վախճանմանց ու հուսկ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի գահակալութեան։

Յուշամատեանը կը բաղկանայ երկու բաժիններէ. Պատմական գիտելիքներ եւ լուսանկարներ։

Առաջին բաժինը կը սկսի Պէշիկթաշի մասին պատմական ընդհանուր տեղեկութիւններով, որով կը ներկայացուի թաղի հայութեան առաջին շրջանները, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կառուցումը եւ մինչեւ վերանորոգութեան յաջորդող դէպքերը։ Եկեղեցւոյ անունը տակաւին մինչեւ այսօր նոյնացած է Պալեան ընտանիքի հետ, որոնց ներդրումով աւելի քան 180 տարիներ առաջ եկեղեցին իր հրաշալի տեսքով վերանորոգուած է։ Ուստի սկսեալ 1838-ի կառուցումէն՝ եկեղեցւոյ հետ առընչուած նշանաւոր դէմքեր ու դէպքեր ժամանակագրական կարգով կը ներկայացուին։ Պատմական գիտելիքներ, նաեւ զարդարուած են նիւթերու հետ առընչուած բազմաթիւ նկարներով եւ էջատակի ծանօթագրութիւններով։ Պալեան եւ Տատեան ընտանիքներու թաղէն ներս մնայուն ներկայութիւնը տեսանելի կը դառնայ գիտելիքներով։ Ներկայացուած են նաեւ Վազգէն Ա., Գարեգին Ա. եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ հայրապետներու, ինչպէս նաեւ Գարեգին Բ., Մեսրոպ Բ. եւ Սահակ Բ. պատրիարքներու հովուապետական այցելութիւնները։ Այս բաժնին մէջ յատկանշական տեղ կը գրաւէ եկեղեցւոյ 150-ամեակին առթիւ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքին գրի առած օրհնութեան գիրը եւ եկեղեցւոյ վերջին երկու ի հիմանէ վերաշինութեանց նկարագրութիւնները։

Բացի եկեղեցւոյ հետ առընչուած դէպքերէն, մանրամասնօրէն ներկայացուած են Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ քարոզիչ եպիսկոպոսներն ու վարդապետները, որոնց վերջին օղակն է երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը։ Ներկայացուած են նաեւ հեղինակ քահանայ հօր եւս տեղ գտած Ս. Աստուածածին եկեղեցիին ծառայած 78 քահանաները, որոնց վերջին օղակն է ցարդ՝ Տ. Սարգիս Ա. Քահանան։ Ընթերցողներ պիտի գտնեն նաեւ Նարեկացի դպրաց դասու պատմականը, տնօրէն խորհուրդի անդամները, դպրաց դասու վերակազմութեան պատմականը եւ այժմու դպրապետ՝ Արման Սրկ. Մարաշլեանի ծառայութիւնը։ Եկեղեցական երաժշտութեան ոլորտէն ներս Պէշիկթաշ եղած է աչքառու թաղ մը իր երաժշտապետներով, որոնց վերջին օղակը կը դառնայ Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեան։

Բացի եկեղեցական կեանքէն, ընդարձակ բաժինով մը կը պատկերացուի Պէշիկթաշի աւելի քան 160 տարուայ եկեղեցա-վարչական կեանքը։ Սկսեալ Սարգիս Պատրիարքէ, մինչեւ Սահակ Բ. Պատրիարք, իւրաքանչիւր պատրիարքի կամ տեղապահի շրջանին համապատասխան վարչական խորհուրդները, հանդերձ իրենց անդամներով եւ կանոններով կը ներկայացնեն վարչական կեանքը։ Երկարապատում այս ցանկին վերջին օղակն է այժմու վարչական կազմը, որուն ատենապետն է Հայազատ Կազէրօղլու։ Թաղային խորհուրդին կը յաջորդէ նաեւ Ազգային երեսփոխանական յաջորդականութիւնը։

Եկեղեցական կեանքի անբաժան մէկ մասնիկը նկատուած է նաեւ կրթական կեանքը։ Նմանողութեամբ եկեղեցական կեանքին՝ Պէշիկթաշի կրթական կեանքը եւս ընդարձակօրէն կը յայտնուի։ Սկսեալ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի շրջանին հաստատուած դպրատունէն, մինչեւ Մաքրուհեան վարժարանի բացումը եւ յետ բացման շրջանը, խմբանկարներ, ուսուցիչներ, վկայուած աշակերտներ եւ վարժարանի տեսուչներ եւս լոյս տեսած են պատմական բաժնին մէջ։ Կրթական կեանքին միացած է նաեւ միութենականը։ Թաղի աղքատախնամ առաքելութիւնն ու օժանդակ մասնախումբերը եւս չեն մոռցուած։

Յուշամատեանի ամենէն յատկանշական հատուածներէն մին է Պէշիկթաշի գերեզմանատան պատմութիւնը, որ մինչեւ այսօր մանրամասնօրէն ո՛չ մէկ տեղ լոյս տեսած է։ Գերեզմանատան հաստատման մասին վաւերաթուղթեր եւս իրենց պատճէններով լոյս կը սփռեն, երբեմնի գործօն գերեզմանատան մասին։

Պատմական բաժնի աւարտին՝ Պէշիկթաշի հետ առընչուած նշանաւոր դէմքերուն ալ յատկացուած է յատուկ բաժին մը։ Գրչի մշակներ, կրթական մշակներ, գեղարուեստականներ, ճարտարապետներ, բժիշկներ, դեղագործներ, պետական պաշտօնական դէմքեր եւ երաժշտական գործիչներ եւս իրենց կենսագրութիւններով եւ նկարներով հանդերձ տեղ գտած են գիրքին մէջ։ Իսկ եկեղեցւոյ գոյքերու յիշատակարաններով իր աւարտին կը հասնի պատմական բաժինը։

Իսկ երկրորդ բաժինը, որ արտաքնապէս աւելի ճոխ, գունաւոր նկարներով կը ներկայացնէ եկեղեցւոյ սրբապատկերները, գոյքերը, յիշարժան դէմքերը եւ անցեալէն պատառիկներ։ Յատկապէս այս բաժնին մէջ պալատանման տաճարն ու խորանը՝ իրենց արտաքին փառքով ընթերցողներուն կը յայտնուին։

Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ մեկենասութեամբ լոյս տեսած գիրքը կը բաղկանայ 504 էջերէ։ Լայնածաւալ գիրքը գրաշարած է Սիրվարդ Մալխասեան, իսկ էջադրութիւնը կատարած են Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Մուրատ Կսրկ. Կոստանեան։ Բաց աստի, գեղեցիկ կողքը մտայղացումն է պէշիկթաշցի յայտնի արուեստագէտ Գրիգոր Սահակեանի։

Նկատի ունենալով քորոնա համավարակի սահմանափակումները, գիրքի շնորհանդէսը կը նախատեսուի Ս. Զատկի յաջորդող շրջանին, որու իրականացման համար այժմէն գործի լծուած է Շնորհանդէսի յանձնախումբը։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց՝ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէց Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանը, Նարեկացի դպրաց դասու դպրապետ Արման Սրկ. Մարաշլեանը եւ Պէշիկթայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հայազատ Կազէրօղլուն։ Անոնք յայտնեցին, թէ յանուն Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ եկած են Պատրիարքարան եւ կը ներկայանան Նորին Ամենապատուութեան՝ իրենց երախտագիտական պարտականութիւնը կատարելու համար։ Հոգեկան անհուն  ուրախութիւն էր ողջունել՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի գրի առած «Պէշիկթաշի յուշամատեան» հատորի հրատարակութիւնը։ Հիւրերը առաջին հերթին Պատրիարք Հօր նուիրեցին առաջին օրինակը գիրքին, զոր մակագրած էր գիրքին հեղինակը՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ապա, որդիաբար շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարք Հօր, որ պատրիարքական օրհնութեան գիրով իր օրհնութիւնը բերած էր գիրքին։ Հեղինակ քահանայ հայրն ու իր ընկերակիցները տեղեկութիւններ փոխանցեցին՝ գիրքի աշխատութեան նախաքայլերուն, զարգացման եւ հրատարակութեան պատրաստութեան փուլին մասին։ Բաց աստի, անոնք եկեղեցւոյ հետ առընչուած յուշեր բաժնեցին մեր Հոգեւոր Պետին հետ, որ անցեալին ինք եւս որպէս սարկաւագ ծառայած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։ Պէշիկթաշի ընտանիքի անդամները Պատրիարք Հօր ներկայութեան՝ որդիական երախտագիտութիւն յայտնեցին հայր սուրբին եւ հեղինակ տէր հօր։

Պատրիարք Հայրը առաջին հերթին ուրախութեամբ ողջունեց «Պէշիկթաշի յուշամատեան»ի հրատարակութիւնը. բան մը, որ պատմական իմաստով մնայուն արժէք պիտի ներկայացնէ ապագայ սերունդին։ Անցեալին եւս նման աշխատութիւններ կատարուած են զանազան եկեղեցիներէ ներս, որոնց շնորհիւ ներկայ սերունդը տեղեկութիւն կը քաղէ անցեալի մասին։

Պէշիկթաշի եկեղեցին արդէն իսկ իր արտաքին տեսքով եւ ներքին շքեղանքով համաշխարհային չափանիշներով ծանօթ է շատերուն եւ այս գիրքի ճամբով եկեղեցւոյ պատմականը ա՛լ աւելի մատչելի պիտի դառնայ։  Պատրիարք Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ հեղինակ տէր հօր մասին, որուն յուշամատեանի աշխատութիւններուն օղակ մը եւս կ՚աւելնար այս շքեղ գիրքով։ Ան դրուատեց նաեւ Պէշիկթաշի եկեղեցին, հանդերձ իր մեծ ընտանիքով ու մաղթեց, որ իրենց գործունէութիւնը մնայ պայծառ։

Նորին Ամենապատուութիւնը թելադրեց, որ այս գիրքը ծանօթացուի շնորհանդէսով մը։ Այցելուներ յայտնեցին, թէ արդէն իսկ այս ուղղութեամբ յանձնախումբ մը գործի լծուած է՝ առաջնորդութեամբ հայր սուրբին, որ Ս. Զատկի յաջորդող օրերուն կը նախատեսէ գիրքը ծանօթացնել Պատրիարք Սրբազան Հօր բարձր հովանաւորութեամբ։ Քորոնաժահրի համավարակի սահմանափակումներուն ընթացքին համաձայն յաջորդաբար տեղեկութիւն պիտի փոխանցուի նաեւ այս ծրագրի մասին։

Հանդիպման աւարտին ներկաները ջերմ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին մեր Հոգեւոր Պետին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021