ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՍԻՊԻԼԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՁԵՌՆԱՐԿ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Մայրենիի միջազգային օրուան առթիւ Եշիլգիւղի հայոց վարժարանին մէջ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը, որուն հրաւիրուած էր յայտնի մեներգչուհի Սիպիլ։ Դպրոցի սրահին մէջ ան աշակերտներուն համար մեկնաբանեց իր զանազան յայտնի երգերը։ Երաժշտական յայտագրի գործադրութեան առընթեր, Սիպիլ անմիջական մթնոլորտով զրոյց մըն ալ ունեցաւ սաներուն հետ։ Օրուան խորհուրդին եւ ձեռնարկի շարժառիթին համապատասխան յորդորներ տուաւ տղոց՝ բաժնելով իր ընտանեկան կեանքէն զանազան յատկանշական դրուագներ։ Սիպիլ յայտնեց, որ «իր կեանքի հրաշքը» պատահած է հայերէնի շնորհիւ։

Ձեռնարկի աւարտին դպրոցի հայերէնի նուիրեալ ուսուցչուհիներէն Անի Գալայլը Եշիլգիւղի ընտանիքին անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Սիպիլին, որուն յանձնեց նաեւ յուշանուէր մը։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022