ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎՐԺ.ԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ

Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ երէկ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց տօնին եւ Բուն բարեկենդանին առթիւ։ Ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ պատրաստուած յայտագրին ժամանակ աշակերտները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով, որոնք ունէին հասարակաց պատգամ մը՝ յաւերժ պահել հաւատը, լեզուն ու մշակոյթը։ Հանդիսութեան Բուն բարեկենդանի վերաբերեալ բաժինը հաճելի պահեր պարգեւեց բոլորին։

Յայտագրի գործադրութեան յաջորդեցին ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած անակնկալները, որոնք բազմապատկեցին ոգեւորութիւնը։ Ընդհանուր խանդավառութեան մէջ տղաքը թարմացուցին նաեւ իրենց գիտելիքները Մեծ պահոց շրջանի խորհուրդի եւ հոգեւոր պատրաստութեան շուրջ։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 24, 2022