ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Կեդրոնական վարժարանի վոլէյպոլի խումբը բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրած է Պէյօղլուի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած մարզական փառատօնի մը շրջանակէն ներս։ Այսպէս, սոյն մեծ մրցաշարքին ներգրաւուած են Պէյօղլուի գաւառակի բոլոր միջնակարգերն ու լիսէները։ Միջնակարգերու աստիճանին վրայ մեր համայնքէն կը մասնակցի Էսաեան վարժարանը, որու ներկայացուցիչներուն խաղերը պիտի սկսին վաղը։ Լիսէներու մակարդակին վրայ այս մրցաշարքին մասնակցութիւն բերած է Կեդրոնական վարժարանը, որու վոլէյպոլի իգական եւ արական խումբերը արձանագրած են գերազանց յաջողութիւն։ Գաւառակի այլ եօթ լիսէներուն հետ մրցակցութեան մէջ մտնելով՝ կեդրոնականցիները յաջողած են առանց պարտութեան աւարտականի փուլին հասնելու։ Այս յաղթարշաւը տօնական տրամադրութիւն ստեղծած է դպրոցէն ներս, ուր բոլորը մեծ խանդավառութիւն կ՚ապրին իրենց ընկերներու յաղթարշաւէն։ Կեդրոնականի աղջիկները այսօր աւարտական փուլին հանդիպում մը կ՚ունենան Իտալական վարժարանի խումբին հետ։ Աւարտական փուլին Կեդրոնականի տղոց ալ մրցակիցն է Պէյօղլուի «Անատոլու Իլահիաթ» վարժարանի խումբը։ Կեդրոնականի խումբերը մրցաշարքին կը մասնակցին մարմնամարզի ուսուցիչ Գամէր Տիւվենճիի հսկողութեան ներքեւ։
Հանդիպումները տեղի կ՚ունենան Քասըմփաշայի «Օրպայ» վարժարանի մարզասրահէն ներս, ուր վաղը նախատեսուած է նաեւ լիսէներու մրցաշարքի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։
Նոյն վայրին մէջ վաղը պիտի մրցին նաեւ էսաեանցիները։