ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱԲԱՇԽՈՒՄ

Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը ներ­կա­յիս կը տօ­նախմ­բէ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի լի­սէի բաժ­նի հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը, ո­րուն շրջագ­ծով կը կազ­մա­կեր­պուին զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ։ Տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ կեան­քի կը կո­չուին յո­բե­լե­նա­կան ծրագ­րե­րը։ Այս ծի­րին մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­լի­սէա­կան պատ­մուած­քի մրցոյթ մը։ Հա­մայն­քա­յին հինգ լի­սէ­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը այս մրցոյ­թին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին ի­րենց հե­ղի­նա­կած պատ­մուածք­նե­րով։ Ծրա­գի­րը դրա­կան ա­ռիթ մը ե­ղաւ, որ­պէս­զի մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կա­րե­նան դրսե­ւո­րել ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան տա­ղան­դը գրա­կա­նու­թեան մէջ։

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Սա­մա­թիոյ «Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս մրցոյ­թին պար­գե­ւա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Յո­բե­լե­նա­կան կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր։ Մրցոյ­թին մաս­նակ­ցած ա­շա­կերտ­նե­րը պար­գե­ւա­բաշխ­ման ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան մեր լի­սէ­նե­րէն հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։

Ե­րե­կոյ­թին յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Գա­րին Ա­քա­լի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Սա­հա­կեան-Նու­նեան լի­սէի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու։ Յայ­տա­գի­րը ընդգր­կեց պար­քո­վի­զիո­նի ցու­ցադ­րու­թիւն մը, ինչ­պէս նաեւ հիւ­րըն­կալ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րու խմբերգ­նե­րը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ա­նի­թա Քուր­տօղ­լուի։ Նուա­գա­կից­ներն էին Ա­լէն Քե­չե­ճիօղ­լու, Հայ­քօ Կա­րա­պե­տեան եւ Րաֆ­ֆի Տէր-Գէոր­գեան։

Հան­դի­սու­թեան տե­ւո­ղու­թեան յանձ­նուե­ցան միջ­լի­սէա­կան պատ­մուած­քի մրցոյ­թին մրցա­նակ­նե­րը, ո­րոնք սահ­մա­նուե­ցան դա­տա­կազ­մին ո­րոշ­մամբ։ Դա­տա­կազ­մի ան­դամ­ներն էին Սիլ­վա Կո­մի­կեան, Հեր­մի­նէ Պեն­լիօղ­լու, Ա­նի Ե­րա­մեան եւ Ա­րամ Կոս­տա­նեան։

Մրցոյ­թի եր­կու գլխա­ւոր դափ­նե­կիր­նե­րը ե­ղան Սա­րին Պայ­րամ (Կեդ­րո­նա­կան) եւ Լին­տա Տե­միր­ճի (Սա­հա­կեան-Նու­նեան)։ Երկ­րորդ տե­ղը նուա­ճեց Մե­լի­սա Թաշ­տե­միր (Սա­հա­կեան-Նու­նեան)։ Եր­րորդ հան­դի­սա­ցան Սե­սիլ Խը­տըր (Սա­հա­կեան-Նու­նեան) եւ Լա­րի­սա Ըլ­կար­լար (Կեդ­րո­նա­կան)։

Այս բո­լո­րին ա­ռըն­թեր դա­տա­կազ­մին կող­մէ յատ­կան­շա­կան հա­մա­րուած էին հե­տե­ւեալ ա­շա­կերտ­նե­րուն գոր­ծե­րը. Լու­սին Տե­միր­ճի (Սա­հա­կեան-Նու­նեան), Փի­լիպ­պոս Հէր­կէլ (Ս. Խաչ դպրե­վանք), Մե­լա­նի Քոն­ճա (Կեդ­րո­նա­կան), Մար­գա­րի­տա Սար­տա­րեան (Է­սաեան) եւ Գա­յիա­նէ Ա­լո­յեան (Մխի­թա­րեան)։

Բաց աս­տի, մրցոյ­թի մաս­նա­կից բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ վար­ժա­րան­նե­րու հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րուն յանձ­նուե­ցան մաս­նակ­ցու­թեան վկա­յա­կան­ներ։

Պար­գե­ւա­բաշ­խու­մէն վերջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին մրցոյ­թի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, դափ­նե­կիր­ներն ու մաս­նա­կից­նե­րը զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին ջեր­մօ­րէն։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016