ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցան միջլիսէական մտախաղեր։ Իր տեսակին մէջ չորրորդ այս ձեռնարկին մասնակցութիւն բերին համայնքային հինգ լիսէներէն 15 խումբեր։ Արդիւնքին Էսաեան վարժարանի սաներէն բաղկացեալ «Պլէք մամպա» խումբը հանդիսացաւ առաջին։ Ալեքսան Զարուքի, Արիս Տիգրան Նշան եւ Քատիր Քարափընար մաս կը կազմէին այս խումբին։ Էսաեանի ուսուցչուհիներէն Լոռա Մուրատճըօղլու եւ Մատլէն Արզուման վերահսկեցին այս խումբը։

Բաց աստի, Էսաեանի սաներէն Ասլին Չիզմէճեան մասնակցութիւն բերաւ «Շիշլի Թերաքքի» լիսէի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ «Բառերով պար. միջլիսէական 18-րդ բանաստեղծութեան փառատօն»ին։ Իսթանպուլի տասն լիսէներէն 25 աշակերտ մասնակցեցաւ այս ծրագրին։ Տղաքը փորձեցին բանաստեղծութիւն գրել «Ոչնչութիւն» նիւթին շուրջ։ Ասլին Չիզմէճեանի բանաստեղծութիւնը դասուեցաւ դափնեկիրներու շարքին հանդիսանալով երրորդ։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 24, 2018