ԼԻՍԷԱԿԱՆ ՍԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ

Կը տեղեկանանք, որ այս ուրբաթ համայնքային հինգ լիսէներու աշակերտութեանց համար նախատեսուած է պտոյտ մը։ Երբ 2022-2023 կրթական շրջանը կը մօտենայ իր աւարտին, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն Լենա Ենիեորկանի նախաձեռնութեամբ նախատեսուած է շրջագայութիւն մը՝ դէպի Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր եկեղեցիները։ Սա կարեւոր ծրագիր մըն է թէ՛ մեր լիսէական երիտասարդութիւնը համախմբելու եւ թէ հայ բնակչութենէն նօսրացած թաղերու մեր եկեղեցիները նոր սերունդի ուշադրութեան առարկայ դարձնելու տեսակէտէ։ Լենա Ենիեորկան այս նախագիծը կեանքի կոչելու համար ապահոված է հովանաւորներ եւ, անշուշտ, իր անդամակցած Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ շարժման անցուցած է հնարաւորութիւնները։

Երէկ, հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Լենա Ենիեորկանի հետ, որ մեզի բացատրութիւններ տուաւ այս նախաձեռնութեան կապակցութեամբ։ Ան յայտնեց, թէ ընտրութիւններէն առաջ ալ իր ծրագիրներու շարքին էր մեր երիտասարդութեան ուղղեալ աշխատանք տանիլ՝ որքան որ ալ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի հովանաւորութեան տակ դպրոց մը չգործէ։ Լենա Ենիեորկան համոզուած է, թէ համայնքային բոլոր կառոյցներու կիզակէտին պէտք է գտնուի մեր նոր սերունդը՝ քանի սա համայնքի ապագային կը վերաբերի։

Ըստ Ենիեորկանի բացատրութիւններուն, այս ուրբաթ առաւօտ համայնքային հինգ լիսէներէն աւելի քան 200 աշակերտներ պիտի մասնակցին ամառնամուտի այս համախումբ ուղեւորութեան։ Իւրաքանչիւր լիսէի աշակերտութեան համար առանձին փոխադրամիջոցներ տրամադրուած պիտի ըլլան։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն սկսեալ տղաքը պիտի այցելեն Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր քանի մը սրբավայրերը. օրինակ՝ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ այլն։ Շրջագայութիւնը աւարտին պիտի հասնի Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ լիսէականներու այս շրջագայութեան պիտի մասնակցին նաեւ հոգեւոր հայրեր, որոնք ծրագրի իւրաքանչիւր կանգառին տուեալ սրբավայրի պատմութեան մասին տեղեկութիւններ պիտի տան տղոց։

Եզրափակիչ փուլին, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս երիտասարդները միասնաբար պիտի ճաշեն եւ դարձեալ յատուկ փոխադրամիջոցներով պիտի վերադառնան իրենց վարժարանները։

Հուսկ, Լենա Ենիեորկան մեզի յայտնեց, որ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այս ծրագրի բոլոր հովանաւորներուն եւ աջակիցներուն՝ ներառեալ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի լծակից ընկերները, որոնք բաժնած են իր տեսլականը եւ շարժման անցուցած իրենց հնարաւորութիւնները։

Մեր կողմէ նշենք, որ Լենա Ենիեորկանի այս մտայղացումը նաեւ նոր մտայնութիւն մըն է՝ մանաւանդ այն մատակարար մարմիններուն տեսակէտէ, որոնց հովանաւորութեան տակ դպրոց մը չի գործեր։ Այդ թաղային խորհուրդները արդէն իրենց վարժարանի ծանր բեռին տակ գրեթէ կը կքին, ուստի, դպրոց մը պահելու բեռէն զերծ թաղային խորհուրդներու նման ծրագիրները կրնան ընկերային գործունէութեան նոր հորիզոն մը ուրուագծել՝ ի նպաստ մեր երիտասարդութեան։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Լենա Ենիեորկանն ու յաջողութիւն կը մաղթենք իր գործունէութեան համար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2023