ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2018-2019 ՇՐՋԱՆԻ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Մխիթարեան վարժարանի 2018-2019 շրջանի ընթացաւարտները վերջերս փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ առին ու բռնեցին կեանքի նոր փուլի մը ճանապարհը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ իսկապէս մեծ խանդավառութեան։ Մխիթարեան վարժարանը այս տարի ունի 9 շրջանաւարտ։ Անոնք կը հանդիսանան հաստատութեան 194-րդ շրջանի ընթացաւարտները։

Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, Հայր Միքայէլ Ծ. Վրդ. Ուչար, վարժարանի Մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Քամար եւ իր գործակից ընկերները, հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, տնօրէնուհիները, ուսուցչական կազմը, Մխիթարեանի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ այլ հիւրեր։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ աւարտական դասարանէն Լարիսա Տայանի եւ Թէօ Քուրուչի։ Բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Պերճ Մենզիլճիօղլու, որուն յաջորդեց լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի սրտի խօսքը։ Արտայայտուեցաւ նաեւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեան։

Տղաքը օրուան պատուոյ հիւրերուն ձեռամբ ստացան իրենց խոր-հըրդանշական վկայականները։ Անոնց յանձնուեցան նաեւ Մատակարար մարմնին կողմէ պատրաս-տըւած նուէրներ։ Դպրոցի դափնեկիր շրջանաւարտներն են Ժանին Ազիզօֆ եւ Գայլ Մաթաթեան, որոնք ստացան յաւելեալ պարգեւներ։ Մխիթարեան սանուց միութեան շրջանաւարտներուն անունով ալ տղաքը ողջունեց Վարդան Պալմումճեան։ Աւարտական դասարանին անունով հրաժեշտի խօսքով հանդէս եկաւ Ժանին Ազիզօֆ։

Յայտագրին մաս կազմեց պաստառի ցուցադրութիւն մը, որ վառ դրուագներ կը ցոլացնէր աւարտական դասարանի ուսումնական շրջանէն։ Ընթրիքի սեղաններու շուրջ հաւաքոյթը շարունակուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Շրջանաւարտները հատեցին նաեւ իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը եւ հաճելի ժամանց ունեցան մինչեւ ուշ ժամեր։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2019