ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանի խումբ մը սաներ, վերջերս, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։ Աշակերտներուն կ՚ընկերանային վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ ուսուցիչներ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Սէռն համալսարանի կազմակերպած մրցոյթին մասնակցելով՝ բնագիտութեան բնագաւառի մէջ յաջողութիւն արձանագրած եւ գնահատագիրով պսակուած աշակերտները Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան արժանանալով հրաւիրուած էին Պատրիարքարան։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց աշակերտները եւ շեշտեց ներկայ դարուն ուսման եւ գիտութեան բնագաւառներու մէջ տարուած յաջողութիւններու կարեւորութիւնը։ Մեր հոգեւոր պետը նշեց, թէ ինք ուրախ կ՚ըլլայ այն ամէն յաջողութեամբ, որ մեր համայնքի անդամը անհատապէս կամ անդամները՝ խմբովին կ՚արձանագրեն սա կամ նա գետնի վրայ։ «Եւ ուրախացուցիչ է, որ նման առիթներ չեն պակսիր, քանի մեր համայնքային վարժարանները զանազան առիթներով, զանազան յաջողութիւններով բեմ կը բարձրանան», ըսաւ ան։ Ամենապատիւ Տէրը շնորհաւորեց իւրաքանչիւր աշակերտն ու իրենց ուսուցիչները, տնօրէնուհին եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց բոլորին։

Այցելութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը գիրքեր նուիրեց աշակերտներուն։

Ապա մխիթարեանցի հիւրերը շրջեցան Պատրիարքարանի շէնքը, այցելեցին նաեւ «Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք» թանգարանը, ուր տեղեկութիւններ ստացան թանգարանի պատասխանատու Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանէն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020