ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ» ԽՄԲԱԿԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «Բարի լոյս» խմբակի անդամները։ Այս հանդիպման ընթացքին այցելուները ինքզինքնին ծանօթացնելէ յետոյ, իրենց կազմութեան եւ գործունէութեանց մասին տեղեկութիւն տուին Պատրիարք Հօր ու խնդրեցին իր օրհնութիւնը։ Այս առթիւ անոնք յայտնեցին, թէ միշտ պատրաստակամ են Պատրիարքական Աթոռոյ գործունէութեանց նեցուկ կանգնելու։

Պատրիարք Հայրը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ յայտնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը որպէս հոգեւոր կեդրոն, միշտ գնահատած է համայնքանպաստ բոլոր գործունէութիւնները։ Առ այդ յաջողութիւն մաղթեց հիւրերուն եւ մաղթեց, որ անոնք ունենան համայնքանպաստ գործունէութիւն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020