ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Գանտիլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Յովհաննէս Ֆէնէրճեանի։ Ներկայ էր նաեւ Գանտիլլիի եկեղեցւոյ երէց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Սոյն քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին թաղականները Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեանց շուրջ։ Անոնք յատկապէս ներկայացուցին եկեղեցւոյ ամրացման համար անհրաժեշտ կարիքները եւ յայտնեցին, թէ համավարակի շրջանին ակամայ չէին կրցած աշխատութեան ձեռնարկել։ Թաղականները աղօթատան ներկայ վիճակին կապակցութեամբ տեղեկութիւններ փոխանցելէ յետոյ յայտնեցին, եկեղեցիին անուան տօնախմբութիւնը կը ծրագրեն կատարել յառաջիկայ յուլիսի 3-ին, շաբաթ օր։ Այս առթիւ օրհնութիւնը խնդրեցին եւ արորողութեանց հրաւիրեցին Նորին Ամենապատուութիւնը։

Պատրիարք Հայրը հետաքրքրութեամբ լսեց փոխանցուած տեղեկութիւնները եւ յայտնեց, թէ Իսթանպուլի արուարձանային այս եկեղեցիին մատուցուած ծառայութիւնը մեծապէս գտահատելի է։ Իբր այդ, իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ եկեղեցւոյ առաւել եւս ամրացման համար վարչայիններուն հայրական թելադրանքներ ըրաւ։ Ան յաջողութիւն եւ կարողութիւն մաղթեց թաղականներուն։

Հինգշաբթի, Յունիս 24, 2021