ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Թաղականներուն միացած էր եկեղեցւոյ այցելու հովիւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Այս առթիւ անոնք յայտնեցին, որ եկած են թէ՛ գողտրիկ եկեղեցւոյ զանազան նորոգութեան աշխատանքներու մասին խորհրդակցելու եւ թէ անուան տօնախմբութեան առթիւ Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնը խնդրելու։
Մեր Հոգեւոր Պետը իր ուրախութիւնը յայտնեց այժմ հայաթափուած Գանտիլլիի պատմական ու գողտրիկ եկեղեցւոյ համար եղած սոյն այցելութեան համար եւ ունկնդրեց տրուած տեղեկութիւններուն։ Պատրիարք Հայրը մեծապէս գնահատեց հեռաւոր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար ի գործ դրուած ջանքերը եւ սիրով խոստացաւ հովանաւորել ու հանդիսապետել այս տարուան Ս. Երկոտասան Առաքելոց տօնախմբութեան, որ կը համընկնի յուլիսի 16-ին։