Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յառաջիկայ յուլիսի 1-ին պիտի կազմակերպէ Միւռոնօրհնութիւն։ Անթիլիասի վանքին մէջ նախատեսուած արարողութեան պիտի հանդիսապետէ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը։ Կիլիկեան Աթոռի Միւռոնօրհնութեան պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միւս նուիրապետական աթոռներուն կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ Անթիլիասի մօտալուտ Միւռոնօրհնութեան պիտի մասնակցի մեր հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ուստի, յառաջիկայ օրերուն Նորին Սրբազնութիւնը կարճատեւ այցելութիւն մը պիտի տայ Լիբանան, ուր մասնակցութիւն պիտի բերէ Կիլիկեան Աթոռի Միւռոնօրհնութեան արարողութեան։

Ուրբաթ, Յունիս 24, 2022