ՇԻՇԼԻ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱԽՈՅԵԱՆ

Շիշլի մարզակումբը ախոյեան եզրափակեց Թուրքիոյ 2022-2023 շրջանի ֆութսալի լիկը։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս շիշլիցիները նուաճեցին ախոյեանի տիտղոսը, ինչ որ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց ակումբի շրջանակներէն ներս։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Շիշլի UEFA-ի ֆութսալի ախոյեաններու լիկին մէջ Թուրքիան պիտի ներկայացնէ՝ կրկնակի այս յաջողութեան շնորհիւ։ Շիշլիցիները արդէն այժմէն կը պատրաստուին յաջորդ տարուան միջազգային մրցումներուն՝ գլխաւորութեամբ ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի։

Այս առթիւ սրտանց կը շնորհաւորենք շիշլիցիները, որոնց կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023