ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ

Երէկ երեկոյեան Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մարզական փառատօնը առիթ հանդիսացաւ աննախընթաց խանդավառութեան։ Այս ծրագիրը ձօնուած է երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին։ Կազդուրման կայանը վերջին տարիներուն մեր համայնքի նոր սերունդին արձակուրդ ապահովելու առընթեր, Գնալը կղզիի մէջ ընկերամշակութային շարժումներու ծնունդ կու տայ, ինչ որ ունի կարեւոր նշանակութիւն։

Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի յիշատակին ձօնուած մարմնամարզական փառատօնը երէկ երեկոյեան շատ ոգեւոր հանդիսութիւնով մը սկիզբ առաւ Գնալը կղզիի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս ամառ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կազդուրման կայանի գործակցութեամբ՝ մարզանքի ճամբով եւս կը յիշատակուի վախճանեալ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը։ Այս բացառիկ հանդիսութիւնը կը գլխաւորէր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իր հետն ունենալով՝ Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլուն, Ռաֆֆի Քալքը եւ Արաս Թոկաչը։

Յայտագրին մեկնարկը բնորոշեց Կազդուրման կայանի աշակերտութեան կազմած թափօրը։ Անոնց կը միանային Կազդուրման կայանի վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Արի Չոլաքի, տնօրէնութիւնը, անձնակազմը եւ խաղերու մասնակից կղզեբնակ մանուկներ։ Այնուհետեւ, անոնք Կազդուրման կայանէ ուղղուեցաւ դէպի կղզիի հրապարակը, ընկերակցութեամբ՝ Ռաֆֆի Տէր-Գէորգեանի առաջնորդութեամբ կազմուած նուագախումբին։ Խումբը կ՚առաջնորդէին Ներսէսեան դպրաց դասէն եւ Կազդուրման կայանէն երկու պատանիներ՝ իրենց ձեռքն ունենալով Մեսրոպ Պատրիարքի նկարազարդ պաստառը։ Խումբը մեծ ոգեւորութեամբ կատարեց այս հանդիսաւոր առաջին թափօրը եւ իջաւ հրապարակ։

Կղզիի հրապարակին վրայ մանուկները երգեցին Կազդուրման կայանի քայլերգը՝ նուագախումբի ընկերակցութեամբ։ Այստեղ խումբին միացան նաեւ բազմաթիւ կղզեցիներ, որոնք եւս մեծապէս ոգեւորուեցան ու ոգեւորեցին կայանի եւ եկեղեցւոյ պատանիները։ Ապա, մանուկներ եւ մեծահասակներ միասնաբար բնապահպանութեան համար գրի առնուած «Եկէ՛ք երգենք» երգը երգեցին ու ուղղուեցան դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի։ Այս հանդիսաւոր ուղեւորութեան պահուն ճրագներ եւս լոյս սփռեցին իրենց շրջակայքը։ Այնուհետեւ, թափօրը դանդաղ քայլերով հասաւ եկեղեցի եւ զանգակներու ղօղանջներով դիմաւորուեցաւ Յարութիւն Աբեղայի եւ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Շատեանի։

Եկեղեցւոյ համալիրէն սփռուած շարականներու ձայնին ընկերակցութեամբ՝ թափօրի մասնակիցները համախմբուեցան եկեղեցւոյ զանգակատան մօտ։ Այստեղ միաբերան արտասանուեցաւ Տէրունական աղօթքը։ Ապա, եկեղեցւոյ զանգակատունէն սփռուեցաւ Մեսրոպ Պատրիարքի կենդանի ձայնը, որուն մէջ ան ժողովուրդը կը հրաւիրէր արթուն ըլլալու եւ գործելու եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ։ Այս պահուն բոլոր ներկաներ գիշերային մութին մէջ, իրենց ձեռքի մոմերու պլպլացող լոյսին ներքեւ, արտասուալից աչքերով կը հետեւէին Պատրիարք Սրբազանի խօսքերուն։ Անոր աւելի քան երեսուն տարի ծառայած եկեղեցւոյ համալիրին մէջ, այս առիթով կը վերակենդանանար իր խօսքերուն թողած ոգեւորիչ ազդեցութիւնը։ Հոգեւոր ու մշակութային պատգամներով լի այս խօսքերու աւարտին՝ հայր սուրբը լուսաւորեց երկու ջահերը ու բոլոր ներկաներ միասնաբար երգեցին «Նախ խնդրեցէք արքայութիւնն Աստուծոյ» երգը։ Հոգեւոր ապրումներով զեղուն այս հանգրուանի աւարտին, թափօրը անգամ մը եւս կազմուեցաւ ուղղուելու համար դէպի Կազդուրման կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրը։ Նուագախումբը, շարականները, զանգակները, երգերը, ծափերը՝ բոլորը կը բարձրացնէին հանդիսութեան փայլը։ Այնուհետեւ, երբ բոլոր խումբը եւ ներկաներ համախմբը-ւեցան պարտէզին մէջ, նկարահանում կատարուեցաւ։ Ռաֆֆի Քալքի առաջնորդութեամբ՝ ներկաներ կ՚երգէին ու լոզունգներով կը ոգեւորէին իրենց շրջակայքը։

Հանդիսութեան բացման օրհնութեան խօսք մը արտասանեց հայր սուրբը։ Ան ըսաւ, որ Մեսրոպ Պատրիարքը կղզիներու մէջ եւ մասնաւորապէս Գնալը կղզիի վրայ անթիւ յիշատակներ թողած է։ Մշակութային ու մարմնամարզական նման հանդիսութիւններ նման ոճով ու ամենայն հանդիսաւորութեամբ իր շըր-ջանին ծնունդ առած են։ Իր յիշատակին կատարուած փառատօնը եւս շառաւիղն էր երանաշնորհ պատրիարքի աշխատութիւններուն։ Հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպիչներուն եւ մասնաւորապէս գնահատեց պատրիարք սրբազան հօր յիշատակը յարգելու շարուանակող բոլոր ներկաները։ Ապա սկիզբ առաւ ոտնագնդակի մրցումը։

Հանդիսութեան ամենէն սիրալիր պահերէն էր երէց սերունդի անդամներու պատուոյ այս խաղը։ Այնուհետեւ, ներկաները դիտեցին հաճելի խաղ մը, որուն խաղացողներն էին. Անթօ Եշիլ, Էրօլ Արա Չընար, Շահնուր Գազանճը, Շանթ Չաքմաքճը, Ռոպէռ Աղտերէ, Լորան Ֆոսքոլօ, Զարեհ Գարագաշ եւ Յակոբ Մամիկոնեանի։ Իրաւարարը եղաւ Մանուկ Սարայտարեան։ Մինչ այդ, հանդիսասրահին մէջ ամենէն հետաքրքրական տեսարանն էր նաեւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի նկարով զարդարուած հսկայ պաստառը։ Խաղերուն ներկայ եղան նաեւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան։

Հարկ է նշել, որ խաղերը պիտի սկսին 25 յուլիսին եւ պիտի աւարտին 7 օգոստոսին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019