ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՐԺԻՆ ՇԱՊՃԸԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, շաբաթավերջին այցելեց Վերժին Շապճըի անհատական ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Մեծ կղզիի Կղզեաց մշակոյթի միութեան մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացան Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցուցահանդէսի մուտքին դիմաւորուեցաւ միութեան ատենապետ Էօզէր Քանկիւրի, միութեան անդամներէն Թալին Էթեմէզի եւ նկարչուհի Վերժին Շապճըի կողմէ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը նախ տեղեկութիւններ ստացաւ միութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսի բովանդակութեան մասին։ Վերժին Շապճը իր գործերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ներկայութեան համար։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց Շապճըի նկարչական գործերը։
Հուսկ, միութեան ատենապետ Քանկիւր եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, որ իր ներկայութեամբ պատուած էր ցուցահանդէսը։