ՆԱՏԻԱ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ ՎԱՂԸ ՀՈՂԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՆՁՆՈՒԻ

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն խոր ցաւ կ՚ապ­րին Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լի ան­ժա­մա­նակ մա­հուան հե­տե­ւան­քով։ Ինչ­պէս այ­սօր մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սած ըն­տա­նե­կան մա­հազ­դով հրա­պա­րա­կուած է՝ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ վա­ղը, ժա­մը 14.00-ին, Գում­գա­բուի Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ յու­ղար­կա­ւոր­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը մաս­նակ­ցի իր վեր­ջին հրա­ժեշ­տին։

Մինչ այդ, հան­գու­ցեա­լին ա­մու­սի­նը՝ յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար եւ Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն բա­րո­յա­կան զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ՝ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2016