ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Մօտաւոր անցեալի իրերայաջորդ տեղատարափներուն հետեւանքով վնասներ յառաջացած Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւնները բարեբախտաբար չեն կաղար։ Երէկուան պատարագիչն էր Տ. Պարթեւ Քհնյ. Քարաքաշեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ղեկավարութեամբ Մուրատ Իչլինալչայի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան, Հրաչ Սրկ. Սուրէնեան եւ այլ դպիրներ։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր ստեղծուեցաւ հոգեւոր խանդավառութեան մթնոլորտ։
Յաւարտ արարողութիւններուն, ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը սարքեց սիրոյ սեղան մը։ Տիկնանց կազմին կողմէ պատրաստուած բացօթեայ սեղաններուն շուրջ համախմբուեցան հաւատացեալները, որոնք անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։