ԱՐԷՏ ԵՐԿԱՆԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեանը։ Արձակուրդի շրջանի աւարտին քաղաք վերադարձած ըլլալով՝ Արէտ Երկանեան փափաքած էր ներկայանալ նորին սրբազնութեան եւ շնորհաւորել՝ տեղապահի պաշտօնի ստանձնումը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առթիւ ողջունեց Արէտ Երկանեանը, որու հետ կարծիքի փոխանակումներ ունեցաւ զանազան հարցերու մասին։

Զրոյցի աւարտին նորին սրբազնութիւնը Արէտ Երկանեանին փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ ընդգծեց իր գնահատանքը՝ համայնքային կեանքէ ներս անոր ունեցած ներդրումին համար։

Շաբաթ, Օգոստոս 24, 2019