ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅ

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու հերթականը։ Կղզեբնակ երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս գնահատուեցան հանդիսատեսին կողմէ։ Երեկոյթին ներկայ էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, ծրագրի կազմակերպիչներէն Սեւան Աթաօղլու եւ երաժշտական խորհրդատու Յակոբ Մամիկոնեան։ Գիշերուան պատուոյ հիւրերն էին Հոլանտայէն ժամանած պոլսահայ Ճուլիա Դաւիթ եւ իր երաժիշտ ընկերները՝ Ֆաթիհ Ինճէ ու Շիւքրիւ Քիրթիշ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ մասնաւորապէս գնահատեց երիտասարդ երաժիշտներու ներկայացումները։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023