ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՖԷՆԷՐ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր ընդունուեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացան Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց յունաց Պատրիարքի ծննդեան եւ քահանայական ձեռնադրութեան յոբելեանները։ Օգտուելով առիթէն Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Նորին Սրբութիւնը կարծիքներ փոխանակեցին միջեկեղեցական օրակարգի ընթացիկ հարցերուն շուրջ։

Ֆէնէր այցելութեան ընթացքին, Յունաց Պատրիարքարանի համալիրէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները ուխտի աղօթք մըն ալ կատարեցին Ս. Գէորգ Աթոռանիստ տաճարէն ներս։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2021