ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Եշիլգիւղի ընտանիքի վարիչները՝ գլխաւորութեամբ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի։ Ներկայ էր նաեւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Հապիպ Էօզֆուրունճուի կողմէ գլխաւորուած խումբին մաս կազմեցին նաեւ թաղի վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ տքթ. Արա Էրոլ Չընար եւ տնօրէն Մելիքճան Զաման։ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին Եշիլգիւղի թաղականները տեղեկութիւններ տուին եկեղեցապատկան կալուածներու վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ անոնք մասնաւորապէս անդրադարձան այն տարածքին, որու վերաբերեալ վերջերս զանազան հաղորդումներ կատարուեցան լրատուամիջոցներուն կողմէ։ Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ ընկերակիցները Նորին Ամենապատուութեան բացատրութիւններ տուին՝ թէ այդ տարածքի սեփականութեան իրաւունքին վերատիրանալու եւ այդ մէկը նպատակասլաց արժեւորելու ուղղութեամբ ինչ աշխատանքներ կը տարուին թաղային խորհուրդին կողմէ օրինական գետնի վրայ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2021