ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Թաղականները Պատրիարքարան փութացած էին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար՝ շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան ընդառաջ։ Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց թաղի գործունէութեան, թաղային խորհուրդի ներկայ առաջնահերթութիւններուն եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ընդհանուր կացութեան շուրջ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնութիւնները տուաւ թաղականներուն՝ անոնց մաղթելով յաջողութիւն եւ կարողութիւն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2022