ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀՐԱԺԵՇՏ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ համայնքային երախտաշատ բարերար, Ս.Փ. Ազգ. հիւանդանոցի նախկին հոգաբարձուներէն Պետրի Եալընի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որուն հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Պետրի Եալընի առողջութիւնը միջոցէ մը ի վեր լրջօրէն վատթարացած էր եւ վերջին օրերուն իր կորուստը խոր յուզում պատճառեց համայնքային շրջանակներուն։ Երէկուան հրաժեշտի ընթացքին հոծ թիւով յուղարկաւորներ համախմբուեցան անոր բարոյական ներկայութեան շուրջ՝ մատուցելու համար իրենց վերջին յարգանքը։

Դագաղին շուրջ կերոնակիր էին՝ Հերման Պալեան, Գատիմ Պիրոս, Մելքոն Քարաքէօսէ, Զատիկ Թոքէր, Հրանդ Մոսկոֆեան եւ Մկրտիչ Լուլհի։ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիրի գլխաւորութեամբ խումբ մը աշակերներ ալ փութացած էին յարգել Պետրի Եալընի յիշատակը։ Յուղարկաւորներու շարքին էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, ՍԷՎ-ի վարչութեան ատենապետ Հայկ Ասլանեան, համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, գործարար աշխարհէն յայտնի անուններ եւ այլք։

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ ուղարկուած ցաւակցականը ընթերցուեցաւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ խօսեցաւ դամբանական մը, որու ընթացքին նշեց, որ Պետրի Եալըն աջակցութիւն բերած էր մեր համայնքի բոլոր հաստատութիւններուն։ Ան կեանքի մէջ միայն դրամ չէր շահած, շահած էր նաեւ բոլորի սիրտը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նշեց, որ Պետրի Եալըն առատաձեռն բարերար մըն էր, սակայն ամէն ինչ կ՚ընէր լուռումունջ։

Յուղարկաւորութեան աւարտին Պետրի Եալընի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ, մինչ բոլորը ցաւակցութիւն յայտնեցին իր այրիին՝ Զիւլֆիւ Եալընի։

Այս տխուր առթիւ մենք ալ անգամ մը եւս վշտակցութիւն կը յայտնենք Զիւլֆիւ Եալընին եւ հոգելոյս Պետրի Եալընի ընտանիքին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2018