ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊՏՈՒՂԸ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րի շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան դրա­կան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մօտ։ Կրթա­կան կեան­քի այս կա­րե­ւոր նուա­ճու­մը իս­կա­պէս մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան ա­ռիթ դար­ձած է մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, սա ե­ղած է լա­ւա­տե­սու­թեան ա­ռիթ մը՝ թրքա­հա­յու­թեան ա­պա­գայ հե­ռան­կար­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւած են նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի խօս­քե­րը։ Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ հա­մայն­քի իս­կա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նով ար­ձա­նագ­րուած այս նուա­ճու­մին լոյ­սին տակ ան կանգ ա­ռած է մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ։ Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին այս յոր­դո­րը տար­բեր ի­մաս­տով մը բիւ­րե­ղա­ցած է Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ, ար­դա­րեւ իր խօս­քե­րը հնչե­ցին իս­կա­կան միաս­նու­թիւ­նով մը ա­պա­հո­վուած ձեռք­բե­րու­մի մը հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ։

Մինչ այդ, Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուրդն ալ ներ­կա­յիս կը պատ­րաս­տուի մօ­տա­լուտ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015