ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընաց օր հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատուները։ Այսպէս, նորին սրբազնութիւնը մէկտեղուեցաւ դպրոցի գլխաւոր բարերար Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլին, տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանին եւ երկու աշակերտներու հետ։

Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս դպրոցէն ներս կրկնուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակին ձօնուած ձեռնարկը, որմէ ակամայ բացակայած էր տեղապահ սրբազան հայրը։ Ուստի, աշակերտութեան ներկայացուցիչները այդ ձեռնարկին վերաբերեալ յուշանուէր մը յանձնեցին նորին սրբազնութեան։ Այս առթիւ տեղապահ սրբազան հայրն ալ գնահատեց աշակերտները, կրթական մշակները եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Նորին սրբազնութիւնը Հորոզօղլու ամոլին եւ Հերիքնազ Աւագեանի հետ խորհրդակցեցաւ նաեւ՝ 3 Դեկտեմբերին Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ այս դպրոցին համար նախատեսուած հանգանակութեան շուրջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 24, 2017