ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց համաշխարհային միաւորումը այս օրերուն Մոսկուայի մէջ կ՚իրականացնէ հաւաք մը։ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի թեմերէն եւ Ռուսաստանի թեմէն երիտասարդներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ կը մասնակցին այս հաւաքին, որուն կը մասնակցի նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։ Երիտասարդներու միացեալ քառօրեայ ժողով մըն է այս մէկը, որու ընթացքին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի ներկայացուցիչ խումբը կը գլխաւորէ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Այս հաւաքի տանտէրն է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան։ Մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ Ուքրայնոյ, Ռումանիոյ, Գերմանիոյ, Եգիպտոսի թեմակալ առաջնորդները եւ վերոյիշեալ տարածքաշրջաններէ թեմերու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

Ժողովներու առընթեր, այս հաւաքի մասնակիցները առիթ կ՚ունենան նաեւ այցելել Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ մայրավանքը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 24, 2018