ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՄԻՇՏ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ԿՐԹԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երկար տարիներէ ի վեր հետեւողականօրէն կը բերէ իր նպաստը թրքահայ կրթական կեանքին։ Նախկին ատենապետ հոգելոյս Յարութիւն Շանլըի գլխաւորութեամբ ձեւաւորուած նախընթացները ներկայիս ալ կը շարունակուին եւ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը միշտ հաւատարիմ կը մնայ մեր համայնքէն ներս կրթադաստիարակչական գործին սատար կանգնելու սկզբունքին։ Թաղային խորհուրդի աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ նոր ատենապետ Մուրատ Էօզչելիք եւ իր գործընկերները թաղային խորհուրդի այս տարուան պիւտճէէն յատկացումներ ընել որոշած են՝ հաշուի առնելով այժմու հրատապ կարիքներն ու արտասովոր իրավիճակը։

Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը վերջին տարիներուն կրթաթոշակ կը տրամադրէր մեր համայնքէն 135 աշակերտի, նաեւ հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցութիւն կը ցուցաբերէր թրքահայ վարժարաններուն։ Թաղային խորհուրդը այս տարի ալ յատկացուցած է այդ 135 աշակերտի կրթաթոշակը, սակայն նոր դիմումներ չէ ընդունած։ Այդ 135 նպաստընկալ աշակերտները սովորաբար կրթաթոշակի գումարները կը ստանային հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը։ Հաշուի առնելով քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտն ու սահմանափակումները, թաղային խորհուրդը այս տարի փոքր խումբերով ընդունած է նպաստընկալ աշակերտները եւ անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցներուն համապատասխան պայմաններով յանձնած՝ անոնց կրթաթոշակները։

Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը այս տարի նկատի ունեցած է նաեւ մեր համայնքային վարժարաններու ցանցի դիմագրաւած ծանր տնտեսական պայմանները։ Իբր այդ, նոր նպաստընկալ աշակերտներու կրթաթոշակ տրամադրելու փոխարէն՝ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը աւելցուցած է՝ համայնքային վարժարաններուն յատկացուած տարեկան զօրակցութեան գումարները։ Այս կարգադրութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ թրքահայ կրթական համակարգը ներկայիս իսկապէս ունի յաւելեալ միջոցներու կարիքը՝ մեր վարժարաններու գործունէութեան կայունութիւնը երաշխաւորելու համար։

Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդի հովանաւորութեան ներքեւ անցեալին գործած է Մեսրոպեան վարժարանը, որու շէնքը աւելի վերջ դարձած է հասութաբեր։ Երբեմնի դպրոցի շէնքին առընթեր, Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը վերջին տարիներուն եկեղեցապատկան կալուածներու սեփանակութեան իրաւունքին վերատիրանալու կամ զանոնք արդիւնաւէտութեամբ արժեւորելու ուղղութեամբ կարեւոր յաջողութիւններ արձանագրած է։ Այժմ, այդ միջոցներով է, որ թաղային խորհուրդը կը կարողանայ կատարել յատկացումները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2020