ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՄԱՐԱԼ ԱՅՎԱԶ ԵՐԱԺՇՏԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱՅ «ԿՌՈՒՆԿ»ՈՎ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ ներկայիս երաժշտասէրներուն կը ներկայանայ նոր գործով մը, որ կը կոչուի «Կռունկ»։ Մարալ Այվազի նոր երգն ու տեսահոլովակը արդէն հասանելի են համացանցի վրայ։

Մարալ Այվազի այս նոր երգի ձայնագրութիւնները կատարուած են Ֆրանքֆուրթ, Գերմանիա։ Տեսահոլովակի նկարահանումներն ալ տեղի ունեցած են Հայաստանի մէջ, ուրկէ դրուագներ կը ցոլանան Երեւանէն, Սաղմոսավանքէն, Սեւանայ լիճէն եւ այլն։

Ծրագիրը հովանաւորուած է մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Տիգրան Կիւլմէզկիլի կողմէ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2022