ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԵՒ ԱՆՀԵՌԱՆԿԱՐ

Մինչ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը կը բնորոշուի համայնքային ընտրութիւններով, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու մղումով սկսած պայքարը պատճառ դարձած է քաոսի մը։ Յառաջիկայ դեկտեմբերի 25-ին տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի համար քուէարկութիւնը, որու ընդառաջ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու հետամուտ շրջանակները յաչս համայնքին ծնունդ տուած են խառնաշփոթ պատկերի մը։ Ընդհանուր առմամբ, առկայ իրավիճակը իսկապէս մտահոգիչ եւ անհեռանկար կը համարուի։

Համայնքի աչալուրջ շրջանակները անհանգստութեամբ կը դիտարկեն, թէ մէկ կողմէ Պէյօղլուի այժմու թաղային խորհուրդը կը հրահրէ անարդար ընտրական համակարգ մը, ինչ որ ակնյայտօրէն կը պատնէշէ ընտրողներու կամքին ցոլացումը եւ հեռու է ներառական ոգիէ, իսկ միւս կողմէ ընդդիմադիր թեկնածուներու անիրատես գործելաոճը կու գայ բազմապատկել յառաջացած խոր անհանգստութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ Պէյօղլուի պարագային ստեղծուած անհանգստացուցիչ կացութեան հետեւանքով անհրաժեշտութիւն զգացած է պետական մարմիններուն դիմելու, ինչ որ կ՚իմաստաւորուի նոյն համայնապատկերին վրայ։

Համայնքի աչալուրջ շրջանակները մտահոգութեամբ կը դիտարկեն, որ 25 դեկտեմբերին նախատեսուած քուէարկութեան ընդառաջ պաշտօնապէս սահմանուած ժամանակացոյցով արդէն շատ սեղմ ժամկէտներ խնդրոյ առարկայ են եւ հնարաւորինս արագ, մետասաներորդ պահու նախաձեռնութիւն մը պէտք է ըլլայ, որպէսզի Պէյօղլուի պարագային մեր համայնքը կարողանայ ունենալ՝ համախմբման բարձր ներուժով, աւելի լուրջ այլընտրանքներ։ Արդարեւ, հակառակ համայնքէն ներս առկայ համատարած անհանգստութեան եւ սպասումներուն, Պէյօղլուի պարագային հնարաւոր պիտի չըլլայ արմատական փոփոխութեան մը հասնիլ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2022