ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՆՈՒԷՐՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը Ա­մա­նո­րի շրջա­նին կը տե­ւա­կա­նաց­նէ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը։ Տօ­նա­կան օ­րե­րու ու­րա­խու­թե­նէն ա­ռա­ւե­լա­գոյն բա­ժի­նը կը վի­ճա­կի ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մի ան­դամ­նե­րուն։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մի փոք­րիկ­նե­րը ստա­ցան տնօ­րէն խոր­հուր­դին կող­մէ ի­րենց հա­մար պատ­րաս­տուած կա­ղան­դուան նուէր­նե­րը։ «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հի եր­դի­քին տակ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վարդապետ Ա­նու­շեան բաժ­նեց ա­նոնց նուէր­նե­րը՝ բո­լո­րին փո­խան­ցե­լով նաեւ իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը։ Ներ­կայ էին նաեւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան եւ տնօ­րէն խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­ր։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2016