ՖԷՍՃԵԱՆ ԵՒ ՍԷՐԹՇԻՄՇԷՔ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արման Սրկ. Մարաշլեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ թաղի Ֆէսճեան եւ Սէրթշիմշէք բարեհամբաւ գերդաստաններու հանգուցեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Գատըգիւղի թաղային խորհուրդը կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից «Պալըքճեան» սրահին մէջ սիրոյ սեղանով մը պատուեց նորին սրբազնութիւնը։ Այս առթիւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին նուիրուեցաւ «Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան. Գատըգիւղի հետքերով» աշխատութիւնը, որ լոյս տեսած է վերջերս եւ որու հեղինակն է Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2018