ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ 2020

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան Ամանորի առթիւ համախմբուեցաւ եւ փոխանակեց բարեմաղթանքներ։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի պարտէզին մէջ, «Բարի գալուստ 2020» կարգախօսով երէկ երեկոյեան կազմակերպուած խրախճանքի պատուոյ հիւրերն էին Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած են այս խրախճանքները եւ այս տարի ալ այդ աւանդութիւնը ունեցաւ իր շարունակութիւնը։ Շիշլիի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ կազմակերպուած երեկոյթին մասնակցեցան Ֆէրիգիւղի համայնքային կառոյցներու աշխատողներն ու բազմաթիւ թաղեցիներ։ Ամանորի շրջանին բնորոշ պատուասիրութեամբ բոլորը զուարճացան անմիջական մթնոլորտի մէջ։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Նորին Ամենապատուութիւնը, քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին, ինչպէս նաեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր։

Ամանորի խրախճանքին ժամանակ Կաղանդ պապուկն ալ այցելեց դպրոցի պարտէզը, ուր ջերմօրէն շրջապատուեցաւ ֆէրիգիւղցիներուն կողմէ։

Էրոլ Եաքար եւ իր ընկերներն ալ գործադրեցին երաժշտական յայտագիր մը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2019